2010-03-10 12:35:12

Քառասնորդացի խորհրդածութիւն` Միջինքը։


Քառասնորդացի խորհրդածութիւն` Միջինքը։

Ի՞նչ է Միջինքը եւ ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել։ Բացատրութիւնը հետեւեալն է։ Մեծ Պահքը Բուն բարեկենդանէն, աւելի ճիշդ փակեալ խորանէն սկսեալ մինչեւ Աւագ Շաբաթ օր, 48 օրերու վրայ երկարող շրջան մըն է։ Հետեւաբար, այդ 48 օրերուն կէսն է որ կը կոչուի Միջինք եւ ոչ թէ Մեծ Պահոց կէսը։
Մեր ժողովուրդի բարեպաշտական կեանքին մէջ Միջինքին կապուած են որոշ սովորութիւններ։ Այսպէս, Մեծ Պահքի 24-րդ օրը որպէս Մեծ Պահքի կէսը, ինչպէս որ ըսինք Միջինք կը կոչուի, նոյն իմաստն ու նշանակութիւնը ունեցող Հաց մը կը պատրաստուէր, որ կարգ մը շրջաններու մէջ զայն կը թխէին Մեծ Պահքի ճիշդ կէսին եւ այդ իսկ պատճառով Հացը կը կոչուէր Միջինք։
Ժողովրդական տօներն ու ծէսերը -եկեղեցական ծէս կը կոչուին շարքը այն խօսքերուն, երգերուն եւ շարժումներուն որոնք կ'արտասանուին, կ'երգուին ու կը կատարուին եկեղեցւոյ անդամներուն կամ հաւատացեալներուն կողմէ զԱստուած պաշտելու համար միասնաբար- մեծ մասամբ պատշաճեցուած են առատ հիւրասիրութեան հետ ուր իրենց տեղը ունեցած են նաեւ ծիսական-տօնական ուտեստեղէններն ու կերակուրները։ Հետեւաբար, ծիսական կերակուրները մեր ժողովուրդի կենցաղին մէջ ընդունուած են հնագոյն ժամանակներէ ի վեր, ուստի այդ կերակուրներուն անուանումներն ալ առընչուած են տուեալ տօնին հետ, որովհետեւ պատրաստուած են այդ տօներուն եւ ծէսերուն ժամանակ, ինչպէս պահքի տոլմա, պահքի սարմա, պահքի գաթա, պահքի քէօֆթէ, եւլն։
Արդարեւ, Միջինքի կապուած սովորութիւնները ինչպէս բաղարջ պատրաստել, բախտ փորձել, լիճք պատրաստել, բացօթեայ պտոյտներ կազմակերպել եւ փոխադարձ այցելութիւններ տալու մէջ կը կայանայ։
Հայրենական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները մեզի համար կենսաւորման եւ ներշնչման աղբիւրներ են, որոնք պէտք է պահուին ինչ որ ալ ըլլան մեր կեանքի ներկայի պայմաններն ու պարտաւորութիւնները։
Երնէ՜կ այն ժողվուրդին, որ գիտէ ամուր պահել կապը իր անցեալին հետ ու տէր կանգնիլ իր աւանդական սովորութիւններուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.